2015-07-08 07:16:00

''Բարք տէլ Պիսենեթենարիօ''ի մէջ սուրբ պատարագ` ''Մեր հաւատքը յեղափոխական է''։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Պապը Էքուատոր կատարած առաքելական այցելութեան ծիրէն ներս, 7 յուլիսի առաւօտեան, Քիթոյի  ''Բարք տէլ Պիսենեթենարիօ''ի մէջ հանդիսապետեց Սուրբ պատարագի արարողութիւնը (Հռոմի ժամով 17,30-ին) մասնակցութեամբ տեղական եպիսկոպոսներուն ու կղերական դասին, ինչպէս նաեւ 1,5 միլիոնէ աւելի հաւատացեալներուն։

Յայտնենք թէ ''Բարք տէլ Պիսենեթենարիօ''-ի բացումը կատարուած է 27 ապրիլ 2013-ին։ Այգին կառուցուած է նախկին օդակայանի տարածքին վրայ, ուր 1985-ին Յովհաննէս Պօղոս Բ ժամանած էր։

Սուրբ պատարագի արարողութեան ընթացքին արտասանած քարոզին սկիզբը Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատեց թէ ''Աստուծոյ խօսքը մեզ կը մղէ ապրելու միութիւնը որպէսզի աշխարհը հաւատայ'' ապա ակնարկեց Լատին Ամերիկայի երկուհարիւրամեայ անկախութեան ու այդ անկախութեան ճիչին որ դուրս եկաւ ազատութեան ցանկութենէն եւ հերթական հզօրներու շահերու ենթակայութենէն ձերբազատուելու իղձէն։ Այդ ճիչը կը համապատասխանէ այսօր աւետարանութեան մարտահրաւէրին - յայտնեց Ֆրանչիսկոս Պապը ապա յարեց Յիսուս այսպէս բացայայտեց իր իղձը  ''Հայր ըրէ որ ամէնքը մէկ ըլլան որպէսզի աշխարհը հաւատայ'' ապա հաստատեց ''այնպէս ինչպէս դուն առաքեցիր զիս ես ալ զիրենք կ՛ուղարկեմ աշխարհին''։ Այդ պահուն  -ըսաւ Սրբազան Հայրը - Տէրը փորձարկեց այս աշխարհի մարդկային ամէնայետին փորձառութիւնը` խաբէութիւն, անվստահութիւն, դաւաճանութիւն...մենք ալ առօրեային մէջ կը նշմարենք թէ կ՛ապրինք աշխարհի մը մէջ բնորոշուած պատերազմներով եւ բռնութեամբ, որոնք կը յայտնուին տարածուած ''անհատականութեան'' ընդմէջէն որ կը բաժնէ եւ մէկը միւսին դէմ կը դնէ։

Այդ ազատութեան ճիչին որ 200 տարիներ առաջ բարձրացաւ, չպակսեցաւ ոչ համոզումը եւ ոչ ալ ուժը, պատմութիւնը սակայն  բացայայտեց թէ ան վճռական դարձաւ այն ատեն երբ մէկդի դրուեցան անհատականութիւնները։

Մինչ աշխարհի զանազան վայրերուն մէջ ի յայտ կու գան հակամարտութիւններ ու պատերազմները մենք քրիստոնեաներս կանչուած ենք ընդգծելու ուրիշը ճանչնալու առաջարկը, վէրքերը դարմանելու եւ կամուրջներ կերտելու, յարաբերութիւններ մշակելու ու մէկը միւսը օգնելու ուրիշին բեռը մեր վրայ վերցնելով։

Աւետարանութիւնը մարդորսորդութիւն չէ, գաղափարախօսութիւն մը չէ, այլ վկայութեամբ ներգրաւել է հեռու ապրողները անոնք որոնք իրենք զիրենք հեռու կը զգան Աստուծմէ եւ Եկեղեցիէն, անոնք որոնք վախի մէջ են եւ ''անտարբերութեան'' մէջ կ՛ապրին, անոնց ըսելու համար ''Տէրը կը կանչէ նաեւ քեզ մաս կազմելու իր ժողովուրդին ու այս մէկը կ՛ընէ յարգանքով ու մեծ սիրով''։

Եկեղեցւոյ առաքելութեան կոչումն է բոլոր երկրի ազգերը ընդգրկել։ Եկեղեցին պէտք է ըլլայ ընկալող տուն, մնայուն դպրոց` առաքելական հաղորդութեան եւ մօտիկ Յիսուսին որ մեզ սրբացուց որպէսզի մեր մէջ յարուցէ իղձը իր հետ անձնական հանդիպում ունենալու որ ներոյժ է ուրիշներուն հետ հանդիպումին։

Աստուծոյ հետ մտերմիկ կապը ի յայտ կու գայ պատկերներու ընդմէջէն որոնք մեզի կը խօսին հաղորդութեան,­ հաղորդակցութեան, նուիրումի եւ սիրոյ մասին։ Ասոր համար Յիսուսի խնդրած միութիւնը միօրինակութիւն չէ այլ ''հրապուրիչ բազմակերպ ներդաշնակութիւն''։ Յիսուս կ՛աղօթէ որպէսզի կազմենք մէկ մեծ ընտանիք մը որուն մէջ Աստուած մեր Հայրն է ու հայր մեր բոլոր եղբայրներուն։

Որքան գեղեցիկ կ՛ըլլար եթէ իւրաքանչիւրը կարենար մեր մէջ տեսնել թէ ինչպէս  կը հոգանք մէկը միւսին եւ ինչպէս մէկը միւսին թիկունք կը կանգնինք։ Ինքզինք նուիրել կը նշանակէ մեր մէջ ունենալ սիրոյ զօրութիւնը որ է Աստուծոյ Հոգին որ մեզ կը բանայ ստեղծագործ զօրութեան։ Մարդ արարածը ինքզինք նուիրելով վերստին կը հանդիպի ինքն իր հետ իր Աստուծոյ զաւակի իսկական ինքնութեան հետ, Աստուծոյ նմանութեամբ ու Անոր հետ հաղորդութեան մէջ­, Յիսուսի եղբայրը։ Այս է աւետարանութիւնը, այս է մեր յեղափոխութիւնը, այս է մեր խոր եւ յարատեւ ճիչը:








All the contents on this site are copyrighted ©.